Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, թուիթերեան իր կայքին վրայ
հրատարակելով նոր ''թուիթ'' մը՝ բոլոր մկրտեալները կը հրաւիրէ ըլլալու կենդանի Աւետարան։
''Բոլորս մկրտեալներս, միսիոնարական աշակետներ ենք։ Կանչուած ենք աշխհարի
մէջ ըլլալու`կենդանի Աւետարան''։
Նշենք, թէ կիրակի 23 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետին ''թուիթերեան'' կայքին հետեւորդները գերազանցեցին 12 միլիոնը։
Նորին Սրբութեան ''թուիթերեան'' կայքը կը հրատարկուի 8 լեզուներով, ներառեալ արաբերէն
լեզուն։ Սպաներէն լեզուն՝ առաջինը կը հանդիսանայ 8 լեզուներու շարքին։ Գերապայծառ
Գլաուտիօ Մարիա Չէլլի, նախահագը Քահանայապետական ընկերային Հաղորդակցութեան խորհուրդին
, վերջերս ընդգծեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին ''թուիթները'' ''բարեկամ'' հետեւորդներուն
կողմէ վերահրատարակուելով, անոնք կը հասնին աւելի քան 60 միլիոն մարդոց։